2012-03-24 12:59:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը <<Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ Ուխտաւոր>> Մէքսիքօյի Մէջ
Երկրորդ Օրուայ Յատագիրը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 14 ժամ տեւողութեամբ ճամբորդութենէ ետք ուրբաթ 23 մարտի յետ միջօրէի, տեղական ժամով 16.30, հասաւ Մէքսիքոյ։ Երկար ճանապարորդութեան պատճառաւ բացի Բարի գալուստի արարողութենէն ոչ մի այլ գործունէութիւն նախատեսուած էր։
Երկրորդ օրը շաբաթ 24 մարտին առաւօտեան ժամը 8ին Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Պատարագ մատոյց Միրաֆլորէսի Վարժարանի Մատրան մէջ։ Իսկ յետ միջօրէի ժամը 17ին Սրբազան Քահանայապետը իքնաշարժով փոխադրուեցաւ Կուանայուաթօ` ուր պաշտօնական այցելութիւն կատարեց երկրի հանրապետութեան նախագահ ֆէլիբէ Գալտէրոնի <> տեղական Կառավարական պալատին մէջ։
Քաղաքի մուտքին Կուանայուաթոյի քաղաքապետը, որպէս բարի գալուստի նշան, Սրբազան Հօր յանձնեց քաղաքի բանալիները։Նորին Սրբութիւնը առ այդ իր ուղեւորութիւնը շարունակեց <<քահանայապետական յատուկ կառքով>> կարելիութիւնը ունենալով այսպէս բարեւելու մայթերու վրայ զինք ուրախութեան աղաղակներով եւ ծափողջոյններով դիմաւորող մէքսիքացիներու անհամար բազմութիւնը։

<> Պալատը ժամանելուն Նորին Սրբութեան կը դիմաւորէ Մէքսիքոյի Նախագահ ֆէլիբէ Գալտէրոն որւն հետ Սրբազան Հայրը կ՛ունենայ առանձնական հանդիպում եւ ուր տեղի կ՛ունենայ Նախագահական ընտանիքի անդամներուն ներկայացում, Նուէրներու փոխանակում ու պատուիրակութիւններու անդամներուն ներկայացում։
Մէքսիքոյի Նախագահի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը Լէոն Թեմի Արքեպիսկոպոսի եւ չորս մանուկներու ընկերակցութեամբ <> Պալատի պատշգամէն իր առաքելական օրհնութիւնը կը ջամբէ ու խօսք մը կ՛ուղղէ <> (խաղաղութեան հրապարակ) ի վրայ համախմբուած մանուկներուն։
Միւենոյն ժամանակ Պալատին ներքեւը Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն հանդիպում կ՜ունենայ Մէքսիքոյի Ներքին գործոց նախարարի հետ։ Սոյն հանդիպման կը մասնակցին, ի մէջ այլոց, Մէքսիքոյի արտգործ նախարարը` Մէքսիքյի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակը եւ Մէքսիքօյի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը։
Կուանայուաթոյի <> ի կատարած այցելութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ իր ժամանակաւոր բնակավայրը Միրաֆլորէսի կուսանաց վարժարան։
Նշենք որ Մէքսիքոյի Նախագահ ֆէլիբէ Տէ Եէզուս Գալտէրոն Հինոյոզայ ծնած է 18 օգոստոս 1962ին եւ 2006 դեկտեմբեր 1էն ի վեր Մէքսիքոյի Նխագահն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.